2016-07-20 12:32:00

Նիսի հայկական եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցուած է` ի յիշատակ ահաբեկչութեան զոհերուն


Ֆրանսայի Նիս քաղաքի Սուրբ Փիլիպոս հայկական եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետութեամբ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Վահան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանի պատարագ մատուցուած` ի յիշատակ Յուլիս 14-ին Նիսի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան զոհերուն:

Ինչպէս կը հաղորդէ “Արմենփրես”-ը՝ վկայակոչելով Nouvelles d’Armenie-ն, պատարագին մասնակցած են նաեւ Երուսաղէմի սուրբ Ղազարի միաբանութեան գլխաւոր քարտուղար Ֆիլիփ Պիկապիետրան, Սուրբ Փիլիպոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Գրիգոր Խաչատրեանը, Լոնտոնի սուրբ Մեսրոպ հայկական եկեղեցւոյ հովիւ հայր Շնորհք Բաղդասարեանը, տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, այլք:

Պատարագին մասնակցած է նաեւ ահաբեկչութեան ընթացքին վիրաւորուած 10-ամեայ տղայ մը, որ եկեղեցւոյ երգչախումբին անդամ է:

Պատարագէն ետք հաւատացեալները արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ շարժուած են Պրոմենադ տէզ Անգլեզ (անգլիական ճեմուղի), ուր տեղի ունեցած է ահաբեկչութիւնը եւ աղօթած զոհուածներու հոգիներուն համար:

«Մենք եկած ենք յարգանքի տուրք մատուցելու զոհերուն եւ վկայելու մեր համերաշխութեան, սրտակցութեան մասին, կիսելու Նիսի բնակիչներուն ցաւը: Յիշելը հաւատքի եւ դիմադրութեան քայլ է, քանզի ատով կը պահպանենք կեանքի նկատմամբ յոյսը»,- դիմելով հաւաքուածներուն` ըսած է Վահան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը:

Ֆրանսայի միջերկրածովեան Նիս քաղաքին մէջ Յուլիս 14-ի երեկոյեան տեղի ունեցած ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուած է 84 մարդ: Տասնեակ մարդիկ վիրաւորուած են: Բեռնատարը մխրճուած է ազգային տօնի առիթով քաղաքի կեդրոնական հատուածներէն մէկուն մէջ հաւաքուած ամբոխին մէջ, ապա ահաբեկիչը կրակ բացած է մարդոց ուղղութեամբ: Վարորդը սպաննուած է ոստիկաններուն կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.